2014-10-15 09:30:02

Մամլոյ ասուլիս` Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացան արարողութեան առթիւ։


(Ռ.Վ. 15 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ 17 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի` Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը հայող` Պօղոս Զ քահանայապետի անձնաւորութեան ու անոր երանացման արարողութեան։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Եպիսկոպոսներու ժողովի երբեմնի կառավարիչը` կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, Պօղոս Զ քահանայապետի երանացան դատի փոխ խնդրարկու` Հայր Փիէրանթոնիօ Լանցոնի, երանացան դատի խնդրարկու Հայր Անթոնիօ Մարրացցօ եւ Միլանոյ թեմի բանբեր Հայր Տավիտէ Միլանի։
Յայտնենք որ յառաջիկայ Կիրակի 19 հոկտեմբերին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը հանդիսաւոր արարողութեամբ պիտի դասուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ երանելիներու շարքին հանդիսանալով, յետ Պիոս Ժ, Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Ժ քահանայապետերու` 20-րդ դարու չորրորդ քահանայապետը որ խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.